Լրահոս

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳ

Իշխանական վարչախումբը սկսած է դիմել կոշտ բռնաճնշումներու՝ զանգուածային ծեծուջարդ, ձերբակալութիւններ, առեւանգումներ, անհնազանդութիւն յայտնող քաղաքացիներու դէմ ապօրինի գործողութիւններ եւ այլն։ Հասկնալի է, որ հանրային աջակցութիւն չունենալով՝ իշխանութիւնը կրնայ յենուլ միայն ոստիկանութեան կամ արտաքին որեւէ խաղացողի մը վրայ:

ՎԱՀՐԱՄԵԱՆ՝ RFI-Ի ԳԼՈՒԽԸ

Ֆրանսայի հեռուստակայաններու աւագ աշխատակիցներէն Ակնէս Վահրամեան կը պատրաստուի նոր պաշտօնի մը կոչուիլ՝ յառաջիկայ սեպտեմբերի 16-ի դրութեամբ։ Ֆրանսահայ յայտնի եւ վաստակաւոր լրագրողը նշանակուած է «Radio Franceinfo-RFI»ի տնօրէնուհի։

ԱՇԽՈՒԺՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ այս շրջանին դարձեալ թէժ իրադարձութիւններ կ՚ակնկալուին։ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանի կողմէ գլխաւորուած «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի փրկութեան» ընդդիմադիր շարժումը կը նախատեսէ աշնան սկիզբին վերաշխուժացնել իր գործունէութիւնը եւ թափ տալ իշխանափոխութեան ուղղեալ պայքարին։

ՍԻՍԻ ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսի կը պատրաստուի Թուրքիա այցելել՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ։ Անգարա-Գահիրէ առանցքին վրայ վերջին շրջանին ստեղծուած է լուրջ աշխուժութիւն, որ կ՚ուղղորդուի բարձր մակարդակի շփումներով եւ փոխադարձ այցելութիւններով։

ՀՐԱՇԱԾԻՆԸ…

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած ծննդաբերութիւն մը լայն արձագանգ ստեղծեց ամբողջ հայաշխարհէ ներս՝ բոլորին առթելով յուզումնախառն զգացումներ։ Նորածին Լուսէն լոյս աշխարհ եկաւ հրաշքի համազօր ձեւով։

ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՈՉՆՉԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Այն, ինչ այսօր տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի էթնոմշակութային, աշխարհայեացքային եւ հոգեւոր-գաղափարական ոլորտէն ներս, կարելի է դիտարկել՝ որպէս ազգային ինքնութեան կամ տեսակի ծրագրուած ոչնչացման գործընթաց:

Էջեր