ԴԷՊԻ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄ
Կառավարութիւնը կը ջանայ ընդդիմութեան հետ զօրակցութիւն մը ապահովել՝ յանուն ժողովրդավարութեան:
Շաբաթավերջին Ենիգաբուի մէջ նախատեսուած մեծ հանրահաւաքը կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ, որպէսզի երկիրը հնարաւորինս թոթափէ ձախող պետական հարուածով պայմանաւորուած հոգեվիճակը: Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ հեռաձայնով կապ հաստատեց ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի հետ: