ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԲՆԱԳԱՒԱՌԻ ԱՇԽԱՏՈՂՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆՈՐ ՀԱՒԱՍՏԱԳՐԵՐ
Հայ օգնութեան ֆոնտի (ՀՕՖ) նախաձեռնութեամբ վերջերս Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ հասարակական քննարկում մը, որու ընթացքին շօշափուեցան առողջապահական ծառայութիւններուն վերաբերեալ զանազան խնդիրներ։
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի Մայիս 19-ի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման եւ Երիտասարդութեան տօնը այս տարի եւս կը տօնուի քաղաքացիական խոր գիտակցութեամբ։
Սերժ Սարգսեան. «Ատրպէյճանի նախագահի հաւաստիացումները քիչ հաւատ կը ներշնչեն»:


Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Սոֆիա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Եդուարդ Նալպանտեանին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը Պուլկարիոյ մայրաքաղաքին մէջ կը մասնակցի՝ Եւրոպայի խորհուրդի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։
Սերժ Սարգսեան-Իլհամ Ալիեւ հանդիպման պահուն Արցախի ճակատին վրայ հայ զինուոր մը նահատակուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։