ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԸ ՄԻՇՏ ՀԵՏԱՄՈՒՏ ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիք յայտարարեց, որ Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն վերջնական նպատակը եւ գլխաւոր առաջնահերթութիւնն է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարատեւ լուծումը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Շահէն Աւագեան, Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ եւ Երեւանի մօտ Զուիցերիոյ դեսպան Լուքաս Կասսէր երէկ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Հարկ է նշել, որ Լուքաս Կասսէր Հայաստանի մէջ ֆրանսախօս երկիրներու դեսպաններու նախագահն է։
Վերջին տարիներուն Արցախ այցելող օտար զբօսաշրջիկներուն թիւը տարեկան 30-40 տոկոսով աճ արձանագրած է։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան համաձայն, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է Արցախի Տնտեսութեան փոխ-նախարար Սէրկէյ Շահվերտեան։
29 Մարտին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի կ՚ունենայ Հայաստան-Դանիա մրցումը, որ կը գտնուի Եւրոպայի քսանմէկ տարեկանէն վար 2017-ի ախոյենութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ շփումներ ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ, ուր Արցախի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Այս առթիւ Նալպանտեան հանդիպումներ ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի հետ։