ԵԽԽՎ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ
Ժան Քլոտ Եունքէր՝ Ատրպէյճանէն պահանջեց. «Դադրեցուցէ՛ք կրակը»:
Վարչապետ Տավուտօղլու Սթրազպուրկի մէջ կրկնեց Թուրքիոյ տեսակէտները:
Ժան Քլոտ Եունքէր՝ Ատրպէյճանէն պահանջեց. «Դադրեցուցէ՛ք կրակը»:
Վարչապետ Տավուտօղլու Սթրազպուրկի մէջ կրկնեց Թուրքիոյ տեսակէտները:
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) ներկայիս կ՚ողջունէ իր հիմնադրութեան 110-ամեակը։ Այս յոբելեանին առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան վերջերս ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանին ուղարկած էր շնորհաւորական մը, զոր հրատարակած էինք երէկ։ Նոյն առթիւ Պերճ Սեդրակեանն ալ հանդէս եկած է կոչով մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահին այս կոչը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց ամերիկահայ յայնին գրող Փիթըր Պալաքեանին, որ արժանացաւ Փուլիցէրեան մրցանակին։ Սարգսեանի շնորհաւորականին մէջ ընդգծուած է, թէ համայն հայութեան համար սա նշանակալի իրադարձութիւն մըն է։
Չաղլայանի Արդարադատութեան պալատին մէջ, Իսթանպուլի 14-րդ պատժական ատեանին մօտ երէկ շարունակուեցաւ «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին դատավարութիւնը։ Այս հանգրուանը եզակի էր այն առումով, որ այս գործով ընթացք առած երկու դատավարութիւններու միացման յաջորդած առաջին դատական նիստն էր։
Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան երէկ երեկոյեան Ստեփանակերտի մէջ խորհրդակցութիւն մը ունեցան բարձրաստիճան սպաներու հետ:
Բանակաշինութեան աշխատանքները միշտ առաջնահերթ:
Սէրկէյ Լաւրով Երեւան այցելութեան ընդառաջ այսօր կը տեսակցի Ժան-Մարք Էյրոյի հետ՝ շօշափելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը:
Ամերիկահայ յայտնի գրող Փիթըր Պալաքեան նուաճեց Փուլիցէրի հեղինակաւոր մրցանակը։ Ան այս կարեւոր մրցանակաբաշխութեան դափնեկիրներու շարքին մաս կազմելու իրաւունք շահեցաւ բանաստեղծութեան անունակարգէն ներս։
Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) երէկուան նիստին ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ ԵԽԽՎ-ի մօտ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Հերմինէ Նաղդալեան եւ անդամներէն Սամուէլ Ֆարմանեան այս կապակցութեամբ հանդէս եկան ելոյթներով։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) ներկայիս թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 110-ամեակը։ Այս յոբելեանին կապակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական մը ուղարկած է ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանին։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ Յառաջիկայ շաբթուան առաջին կէսին Ապրիլի 25-26-ին Էրտողան պիտի այցելէ Ատրպէյճան՝ Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրին ընդառաջ։
Կազիանթէպի Քիլիս գաւառակը երէկ ենթարկուեցաւ Սուրիոյ տարածքէն կատարուած ռմբակոծութեան։ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ վերահսկուած տարածքէն արձակուեցան չորս Քաթյուշա հրթիռներ։