Արեւտմահայ Բանաստեղծներ Կարդացին Իրենց Գործերը Երեւանի Մէջ
Սփիւռքահայ բանաստեղծներու հետ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Երեւանի Քասքատ համալիրի մայթերուն տարածուած փապերէն մէկուն՝ «In Sane»ի մէջ, ուր «դէմ-դիմաց, կողք-կողքի», ինչպէս նշուած էր երեկոյի ծանուցման մէջ, երկու սփիւռքահայ բանաստեղծներ՝ պէյրութահայ Սագօ Արեանն ու հալէպահայ Տիգրան Գաբոյեանը ընթերցումներ կատարեցին իրենց հին ու նոր բանաստեղծութիւններէն, եւ շուրջ մէկ ժամ փապի կիրակնօրեայ մթնոլորտը յագեցաւ արեւմտահայ գիրով, բառով ու մտածողութեամբ։