ԷՐՏՈՂԱՆ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ
Ատրպէյճան կը հիւրընկալէ ՄԱԿ-ի քաղաքակրթութիւններու դաշինքի 7-րդ կլոպալ համաժողովը՝ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն մասնակիցներով:
Հանրապետութեան նախագահը Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած շուրջ մէկ ժամուան հանդիպման ընթացքին անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, տեղի ունեցաւ «Ինչպէ՞ս պաշտպանուիլ շրջապատի մանրէներէններ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց հանրային առողջապահութեան մարզի մասնագէտ Վերժին Սարաֆեան-Խորշիտեան:
Ամբողջ աշխարհի հայութիւնը շաբաթավերջին բիւր յարգանքով ու խոր երկիւղածութեամբ խնդրեց իր Սուրբ նահատակներուն բարեխօսութիւնը:
Երէկ երեկոյեան, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ յանձնուեցաւ «Աուրորա» մրցանակը, որու առաջին դափնեկիրը դարձաւ Մարգարիտ Փարանկիցէ (Պրունտի)։ Միւս թեկնածուներն էին՝ Թոմ Քաթինա (Սուտան), Սաիտա Ղուլամ Ֆաթիմա (Փաքիստան) եւ Հայր Պեռնար Քինվի (Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութիւն)։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը, օրհնութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի, լոյս ընծայեց հոգելոյս Տ. Վահան Ծ. Վրդ. Բաստամեանցի (1842-1881) կանոնագիտական երկերու ժողովածոն։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ