ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ ԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿՈՎ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՄՕՏԱԼՈՒՏ ԱՌԱՋԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ։ Դէպի Վրաստան պաշտօնական այցելութեան շրջագծով ան հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութիւնը ներկայիս աշխատանք կը տանի զօրակցելու համար սուրիահայութեան։ Աշխարհի ամէն կողմ հայութիւնը կը փորձէ զօրակցիլ Սուրիոյ ներքին պատերազմին հետեւանքով դժոխային վիճակի մը մէջ յայտնուած հայութեան։ Այս շարժումէն անմասն չեն նաեւ պոլսահայերը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր երեկոյեան կ՚ուղեւորուի դէպի Պաքու, ուր կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Վաղը Պաքուի մէջ նախատեսուած է Թուրքիա-Ատրպէյճան Բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդին ժողովը, որ տեղի կ՚ունենայ Էրտողանի եւ Ալիեւի գլխաւորութեամբ։
Եւրոասիոյ տնտեսական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Սարգսեան, որ Հայաստանի նախկին վարչապետն էր, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։