ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ՌՈՒՀԱՆԻ ԽՕՍԵՑԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք քննարկեցին հայ-իրանական բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան ընթացքին վերաբերեալ նիւթեր։ Երկու նախագահները շօշափեցին նաեւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային օրակարգի շարք մը արդի հարցերը։
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան զարգացման ու ֆրանսախօսութեան գծով պետական քարտուղար Աննիկ Ժիրարտէն շաբաթավերջին շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Հարկ է նշել, որ ան միեւնոյն ժամանակ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան մօտ անձնական ներկայացուցիչն է՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի։
Թեհրանի եւ Փեքինի միջեւ համագործակցութիւնը կը զարգանայ նոր թափով։ Շաբաթավերջին Իրանի եւ Չինաստանի միջեւ կնքուեցաւ ռազմավարական համագործակցութեան համաձայնագիր մը, որ կ՚ընդգրկէ քսանհինգ տարուան ժամկէտ մը։
Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան լրատուական եւ վերլուծական հաղորդումներու տնօրէն, հեռուստամեկնաբան Գէորգ Ալթունեան «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանին յանձնած է «Առաջին լրատուական» ծառայութեան ամենամեայ մրցանակը։
Այս տարի կը լրանայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 25-ամեակը: Այս առիթով Արցախի կառավարութեան եւ «Երեւանի Արարատ քոնեաքի-գինիի-օղիի գործարան»ի ու «Ստեփանակերտի քոնեաքի գործարան»ի համագործակցութեամբ, պիտի թողարկուի տասը հազար շիշ՝ քսանհինգ տարեկան յոբելենական քոնեաք, իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած է Լեռնային Ղարաբաղի Փոխ-վարչապետ Արթուր Աղաբէկեան:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
2016-ի տարեմուտին դրութեամբ միջազգային բեմահարթակին վրայ կը շարունակուին քննարկումները:
Թուրքիա եւ Գերմանիա սերտօրէն կը համագործակցին հակաահաբեկչական պայքարի շրջագծով: