ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵԴԱՐՁ
Հայաստանի մէջ այսօր կը նշուի երկրի զինեալ ուժերու կազմաւորման 24-րդ տարեդարձը։ Հայոց բանակի օրուան առթիւ, Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, այս առաւօտ Հայաստանի պետական աւագանին յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնը։
Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Սթրազպուրկի մէջ, Եւրոխորհուրդի շրջանակներէն ներս։ Այս շրջագծով ան տեսակցեցաւ Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոն Եակլանտի հետ։
Իտալիոյ Սիենա քաղաքէն ոչ շատ հեռու վաճառքի հանուած է Վերածնունդի դարաշրջանի մեծագոյն վարպետներէն մէկուն՝ քանդակագործ եւ նկարիչ Միքելանճելօ Պուոնարրոթիի, պատկանած սեփական տունը:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտարարեց, որ երկրի սահմանները ներկայիս անառիկ են։ «Զինեալ ուժերու համապատասխան զօրամիաւորման կողմէ կը պաշտպանուին մեր սահմանները։
Նիքոլայ Պորտեուժա բարձր մակարդակի վրայ շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ:
Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի կը շարունակէ դէպի Եւրոպա իր ուղեւորութիւնը, որ առարկայ կը դառնայ միջազգային հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան։ Այս շրջագծով Հասան Ռուհանի երէկ այցելեց Վատիկան, ուր Առաքելական պալատէն ներս հիւրընկալուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապին կողմէ։
Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան վիրահատութեան ենթարկուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգի Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, գործողութիւնը տեղի ունեցած է հայաշատ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ։ Glendale Memorial հիւանդանոցէն ներս Տէր-Պետրոսեան վիրահատուած է աղիքի քաղցկեղի հետեւանքով։