ԱՐՄԱՆ ԹԱԹՈՅԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒԱՆՑ ՊԱՇՏՊԱՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովը երէկ մարդու իրաւանց պաշտպան ընտրեց Արման Թաթոյեանը։ Խորհրդարանէ ներս այս առթիւ տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն մը։ Արդիւնքին՝ 96 երեսփոխան քուէարկեց Արման Թաթոյեանին ի նպաստ, իսկ 7 երեսփոխան ալ՝ դէմ։
Նազար Հանչէր կը տեղեկացնէ.-
Իրան-Ատրպէյճան փոխյարաբերութիւններու ապագային շուրջ սպասումներու եւ քննարկումներու ուշագրաւ հանգրուան մը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վաղը երկօրեայ այցելութիւն մը պիտի տայ Նիւ Եորք։
Հայաստանի մէջ շաբաթավերջին ստեղծուեցաւ նոր կուսակցութիւն մը, որ կը կոչուի՝ «Հայկական վերածնունդ»։ Կուսակցութեան բուն անունն է «Հայկական վերածունդ միաւորում», որու հիմնադիր համագումարը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ, «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրի երդիքին տակ։
Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հինգերորդ հանդիպումը: