ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԲՈՂՈՔԸ՝ ԱՄՆ-ԻՆ
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն միջեւ վերջին օրերուն կ՚ապրուի տարակարծութիւն մը։ Թէեւ միջոցէ մը ի վեր ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հանդէպ ցուցաբերուած ընտրովի մօտեցման բերումով Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ կ՚ապրուին որոշ անհամաձայնութիւններ, սակայն երէկ այդ երեւոյթը հասաւ ճգնաժամի մը մակարդակին։
Թուրքիա եւ Գերմանիա կը ձգտին լիակատար փոխըմբռնումով պայքարիլ գաղթականներու տագնապին համար։
Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու ընթացքին շուրջ բազմակողմանի քննարկումներ:
Սերպիոյ Ազգային ժողովի նախագահ Մայա Կոյքովիչ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Ան Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Երեւանի մէջ այս առաւօտ բացուեցաւ «Միջին Արեւելքի գեղարուեստ» խորագրեալ մեծ ցուցահանդէս մը։