ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով երէկ հանդիպում մը ունեցան Ցիւրիխի մէջ։ Այս առթիւ անոնք առաջնահերթօրէն քննարկեցին Սուրիոյ ճգնաժամը։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու Համաշխարհային տնտեսական համաժողովին առթիւ կը գտնուի Տաւոսի մէջ, ուր կ՚ունենայ նաեւ շարք մը կարեւոր հանդիպումներ։ Թէ՛ միջազգային ղեկավարներու եւ թէ գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներուն հետ կը մէկտեղուի Տավուտօղլու, որ կը հետեւի ծանրաբեռնուած ժամանակացոյցի մը՝ բազմակողմանի շփումներով։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ պաշտօնական այց մը տուաւ Փոտկորիցա, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Քարատաղի Նախագահ Ֆիլիփ Վուեանովիչի կողմէ ընդունուեցաւ Նալպանտեան։
Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ այսօր կը բացուի Համաշխարհային տնտեսական համաժողովը, որուն կը մասնակցի նաեւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու։ Կը հաղորդուի, որ ան այս առթիւ կը տեսակցի միջազգային ներդրողներու հետ եւ մասնակցութիւն կը բերէ Տաւոսի հիմնական իրադարձութիւններուն։
Ուաշինկթընի եւ Անգարայի միջեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ կարեւոր հեռախօսազրոյց:
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ այս շրջանին կ՚ապրուին նոր խմորումներ։ Վերջին ժամանակներուն հասունցած եւ սահմանադրական հանրաքուէի շրջանին հանրային կարծիքի աչքին առջեւ առաւել յստակացած գործընթացներուն զուգահեռ՝ խիստ հաւանական է, որ յառաջիկայ շրջանին համախոհական նոր իշխանութիւն մը ձեւաւորուի երկրէն ներս։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ դէպի Քարատաղ, իր պաշտօնակցին՝ Իկոր Լուքշիչի հրաւէրին ընդառաջ։ Կը հաղորդուի, որ ան հանդիպումներ կ՚ունենայ այդ երկրի գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ։