ԵՐԵՒԱՆԻ ՄՕՏ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ ՅԱՆՁՆԵՑ ԻՐ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳԻՐԸ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Եգիպտոսի նորանշական դեսպան Թարըք Մաաթին, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Պաշտօնական արարողութեան յաջորդած զրոյցին ընթացքին Սերժ Սարգսեան յաջողութիւն մաղթեց նորանշանակ դեսպանին, որ իր հերթին խոստացաւ առաւելագոյնը ընել՝ նպաստելու համար հայ-եգիպտական համագործակցութեան զարգացման։
Կիլիկիոյ Լեւոն Ա. հայոց թագաւորի (1198-1219) գահակալութեան շրջանին պատկանող հայկական ծայր աստիճան հազուագիւտ ոսկէ մետաղադրամ մը առցանց աճուրդի մը արդիւնքին վաճառուեցաւ 40 հազար ամերիկեան տոլարի փոխարժէքով։
Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պեսս յայտարարեց, որ Ուաշինկթընի քաղաքականութիւնը անփոփոխ կը մնայ 1915-ի շուրջ։ Ամերիկացի դեսպանը, որ ծաւալուն հարցազրոյց մը տուած է «Սապահ» օրաթերթի Անգարայի ներկայացուցիչ Օքան Միւտերրիսօղլուին, անդրադարձած է նաեւ հայկական հարցին։
