ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԱՐԺԷՔՆԵՐ
Պէշիկթաշի քաղաքապետարանը մեծարեց փոքրամասնութիւններու շրջանակները:
Պատրիարքական Աթոռը ներկայացուց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան: Ներկայ էր նաեւ Սելինա Տողան:
Պէշիկթաշի քաղաքապետարանը մեծարեց փոքրամասնութիւններու շրջանակները:
Պատրիարքական Աթոռը ներկայացուց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան: Ներկայ էր նաեւ Սելինա Տողան:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները այսօր կը տեսակցին Պեռնի մէջ:
Զուիցերիա ուղեւորուելէ առաջ Սերժ Սարգսեան երէկ խորհրդակցութիւն մը իրականացուց Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս: Արցախի ճակատին վրայ սաստիկ լարուածութիւնը միշտ կը մնայ առկայ:
Հայ երաժշտական աշխարհի երկու երիտասարդ աստղերը՝ Նարեկ Հախնազարեան եւ Սէրկէյ Խաչատրեան այսօր համերգով մը հանդէս կու գան Փարիզի մէջ։ Թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեանի եւ ջութակահար Սէրկէյ Խաչատրեանի ելոյթը կը կայանայ Փարիզի նուագախումբին հետ։
Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տ.Տ. Քիրիլ Պատրիարքը շքանշան մը շնորհեց ռուսահայ յայտնի գործարար ու բարերար Սամուէլ Կարապետեանին, որ «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի հիմնադիր-նախագահն է։ Նորին Սրբութիւնը Սամուէլ Կարապետեանին շնորհեց «Սուրբ մեծ իշխան Դանիէլ Մոսկուացի» երրորդ աստիճանի շքանշան՝ Տոպրովսքայի Սուրբ Քիրիլի եւ Մեթոտիոսի տաճարի շինարարութեան հարցին մէջ ունեցած աւանդին համար։
Կիւմրիի մէջ ռուսական ռազմակայանի համալիրէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ անցեալ Յունուարի 12-ին Աւետիսեաններու ընտանիքի եօթ անդամները սպաննած ռուս զինուորական Վալերի Փերմեաքովի դատավարութեան առաջին նիստը։ Հայաստանի Շիրակի մարզի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանին կողմէ կը դատուի մեղադրեալը, դատաւոր Յարութիւն Մովսէսեանի գլխաւորութեամբ։
Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարները նախընթաց օր ժողով մը գումարեցին Իսթանպուլի մէջ։ Սա եռակողմանի այս ձեւաչափին մէջ պաշտպանութեան նախարարներու երրորդ հանդիպումն էր։
Կիւմրիի մէջ ռուսական ռազմախարիսխէն ներս այս առաւօտ սկսաւ ոճրագործ Վալերի Փերմեաքովի դատավարութիւնը:
Տարեսկիզբին՝ Յունուարի 12-ին Աւետիսեաններու ընտանիքի եօթ անդամերը սպաննած ռուս զինուորականը հաշիւ կու տայ Հայաստանի Հանրապետութեան դատական մարմիններուն: Հանրային կարծիքը անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն:
«Անձամբ կարգադրեցէ՛ք» ցուցահանդէսի հետազօտութիւնը կատարած խումբին բանախօսութիւնը:
Ձեռնարկի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հոգելոյս Զաւէն Պատրիարքի, Զապէլ Եսայեանի եւ Շաւարշ Միսաքեանի վկայութիւններուն, ինչպէս նաեւ 1915-ին գործած պաշտօնեաներու աւելի ուշ հրապարակուած յուշագրութիւններուն:
Յունաստանի Պաշտպանութեան նախարար Փանոս Քամերոս, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, երէկ ընդունուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Նախագահական աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան եւ այլ պաշտօնատարներ։