ՎԻԶԱՅԻ ՇՈՒՐՋ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ
Եւրոմիութեան գծով նախարար եւ աւագ բանագնաց Վոլքան Պոզքըր յայտնեց, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիները հաւանաբար յառաջիկայ տարուան Հոկտեմբեր ամիսէն սկսեալ Շենկէնի գօտիի երկիրները պիտի կարենան այցելել առանց մուտքի արտօնութեան անհրաժեշտութեան։ Ըստ Վոլքան Պոզքըրի, վիզայի հարցին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ։
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծանուն աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան մաս կազմեց 2015 թուականի լաւագոյն հարիւր ֆութպոլիստներու ցանկին։ Անգլիական «The Guardian» պարբերականը հրապարակեց ֆութպոլի մէջ այս տարուան լաւագոյններուն ցուցակը, որու մէջ 77-րդ կարգը զբաղեցուց Հենրիխ Մխիթարեան, որ մաս կը կազմէ Հայաստանի ազգային հաւաքականին եւ «Պորուսիա Տորտմունտ»ի մարզաշապիկով հանդէս կու գայ Գերմանիոյ մէջ։
Հայաստան եւ Ռուսաստան պաշտօնապէս միաւորեցին իրենց հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը Կովկասի տարածքաշրջանէն ներս:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ Պեռնի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած հանդիպման լոյսին տակ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ընդհանուր քարտուղարը յոյս յայտնեց, թէ նախագահներուն հանդիպումը պիտի մօտեցնէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ գործընթացը։