ԱՐՈՆԵԱՆ՝ ՃԱՏՐԱԿԻ ՏԷՅՎԻՏ ՊԵՔՀԸՄԸ
Երբ Լեւոն Արոնեան կը քայլէ իր հարազատ Հայաստանի փողոցներուն մէջ, բոլորը անոր կը ժպտին, կը ստիպեն, որ ճաշարանին մէջ չվճարէ, ծնողները իրենց երախաները անոր անունով կը կոչեն: Հայ շախմատիստ Լեւոն Արոնեանի մասին գրած է CNN-ը:
Հայաստանի եւ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւններու ծրագրաւորեալ համագործակցութիւնը կը շարունակուի այս տարի եւս:
Սերժ Սարգսեան Ուաշինկթընի մէջ պիտի մասնակցի Միջուկային անվտանգութեան գագաթաժողովին:
Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան գործադիր մարմինը՝ Եւրոասիոյ տնտեսական յանձնաժողովը այսօրուն դրութեամբ կը սկսի աշխատիլ նոր կազմով մը։ Դարձեալ այսօրուան դրութեամբ Եւրոասիոյ տնտեսական յանձնաժողովը կը գլխաւորէ Հայաստանի նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեան։
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ խմորումները կը շարունակուին՝ համախոհական նոր իշխանութեան մը ձեւաւորման ուղղութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, միջոցէ մը ի վեր արդէն շրջանառութեան մէջ կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) մասնակցութեամբ համախոհական իշխանութեան մը ձեւաւորման վարկածը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ ուժանիւթի ոլորտին շուրջ բարձր մակարդակով երկխօսութիւն: Ալպայրաք եւ Քանեթէ քննարկեցին ապագայ բանակցութիւններու վերսկսման հարցերը: