ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱ ՊԻՏԻ ՍՏԵՂԾԵՆ ՕԴԱՅԻՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՆՈՐ ՀԱՄԱԿԱՐԳ ՄԸ
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ պիտի ստորագրուի հակաօդային պաշտպանութեան միասնական համակարգի մը ստեղծման ուղղեալ համաձայնագիր մը։ «Ինթէրֆաքս» գործակալութեան հաղորդումներուն վրայ «Արմէնփրէս» տեղեկացուց, թէ Ռուսաստան կ՚աշխատի Հայաստանի, Խրղըզիստանի, Տաճիկիստանի եւ Ղազախիստանի հետ հակաօդային պաշտպանութեան միասնական տարածքաշրջանային համակարգ մը ստեղծելու ուղղութեամբ։
Տաղլըճայի մէջ ապրուած դէպքէն վերջ Թուրքիա աննախընթաց դիմադրութիւն մը ցոյց կու տայ ահաբեկչութեան դէմ՝ ամուր միասնականութեամբ:
Հայաստան-Ռուսաստան ռազմավարական գործընկերութեան օրակարգի խնդիրները խոշորացոյցի տակ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Փարիզ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կը մասնակցի Մերձաւոր Արեւելքի ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն դէմ բռնութիւններու կանխարգիլման ձօնուած միջազգային համաժողովին, որուն հրաւիրուած են շուրջ վեց տասնեակ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ։
Հաքքեարիի Տաղլըճա գաւառակէն երէկ երեկոյեան հասած լուրերը սուգի մատնեցին երկիրը:
Սերժ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Փութին այսօր հանդիպում մը կ՚ունենան Մոսկուայի մէջ: