Լրահոս
ՐԷՃԷՊ ԹԱՅՅԻՊ ԷՐՏՈՂԱՆ ՊԱՇՏՕՆԻ ԿՈՉԵՑ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱԿԱԿՇՌՄԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտարարեց, թէ Պետական հակակշռման խորհուրդը պաշտօնի կոչած է՝ շաբաթավերջին մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր ահաբեկչական յարձակումի հարցաքննութեան համար։
ՎԱՂԸ՝ ՕՐ ԴԱՏԱՎՃՌԻ
Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանի (ԵՄԻԱ) Մեծ պալատը արդէն հասած է «Փերինչէքն ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործին վերաբերեալ դատավճիռը արձակելու հանգրուանին։ Ծանօթ է, որ տասնեօթ դատաւորներէ բաղկացեալ այս Մեծ պալատը ԵՄԻԱ-ի վճռաբեկ մարմինը կը համարուի։
ԼԻԱԶՕՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ
ԵՄ հետամուտ՝ Հայաստանի հետ նոր փաստաթուղթի մը մշակման:
Պրիւքսէլի եւ Երեւանի միջեւ բանակցութիւնները պիտի սկսին մինչեւ տարեվերջ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԳԱՐԱՆ ԳՐՊԱՆԻ
Երէկ, Երեւանի «Յակոբ Պարոնեան» երաժշտա-երգիծական պետական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազգային երգարան գրպանի» ժողովածոյին շնորհանդէսը։ Քսանմէկ հատորներէ բաղկացեալ այս ժողովածոն հրատարակուած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ։
ՖՐԱՆՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ 31-ՐԴ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդին 31-րդ նստաշրջանը։ «Կարէն Տէմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ գումարուեցան ժողովները, որոնց տանտէրն էր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։
ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐԵՒԱՆԻ ՆՈՐԱՀԱՍՏԱՏ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ
ՍՈՒԳ ԵՒ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ
Շաբաթավերջին տեղի ունեցած արիւնալի ահաբեկչութեան կապակցութեամբ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ ցաւակցական մը հասաւ Անգարա։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հեռագիր մը ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին՝ Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան կապակցութեամբ, որ քանի մը տասնեակ անմեղ զոհերու եւ աւելի քան հարիւր վիրաւորներու պատճառ դարձած է
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՊԱՎԱՅՐ
Ֆրանսախօս երկիրներու նախարարաց խորհուրդը կը գումարուի Երեւանի մէջ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ունեցաւ բացառիկ ու շահեկան հարցազրոյց մը:


