ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԵՐԸ
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ օրերուն Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ՝ Արեւելքի քրիստոնեաներուն առջեւ առկայ հիմնախնդիրներուն վերաբերեալ միջազգային խորհրդաժողով մը։ Ֆրանսական մամուլի հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ Սեպտեմբերի 8-ին նախատեսուած խորհրդաժողովին ընթացքին առաջնահերթօրէն պիտի շօշափուին Իրաքի եւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները եւ հարցերը պիտի քննարկուին այդ համատեսքին մէջ։
Մեսեչուսեցի «Լեսլի» համալսարանի «Լենտըր» արուեստի կեդրոնին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ շրջանի աւելի քան յիսուն արուեստագէտներու գործերու հաւաքական ցուցահանդէսը: Անոնց կարգին էր արուեստագէտ Արա Ազատ:
Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահին ընդունեց ՃՀՓ-ի երեսփոխան Սելինա Տողանն ու ընկերակիցները:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ