ՓԵՐՄԵԱՔՈՎԻ ՓՈՐՁԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆԸ
Կիւմրիի մէջ տարեմուտին Աւետիսեաններու ընտանիքին եօթ անդամները սպաննած ռուս զինուորական Վալերի Փերմեաքովի դատահոգեբանական եւ դատահոգեբուժական համալիր փորձաքննութիւնը երէկ սկսաւ՝ քաղաքին մէջ խարսխուած Ռուսաստանի ռազմակայանէն ներս։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան նորանշանակ ղեկավար դեսպան Փիոթըր Սվիթալսքին, որ յանձնեց իր հաւատարմագրերուն պատճէնը
Արտաքին գործոց նախարարը Պաքուի պաշտօնական շփումներուն աւարտին ուղեւորուեցաւ դէպի Սոչի:
