ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՑՈՅՑ
Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ահաբեկչութեան դէմ բողոքի մեծ ցոյց մը։ «Ո՛չ ահաբեկչութեան, այո՛ եղբայրութեան» կարգախօսով կազմակերպուած ցոյցին շրջագծով տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ Սըհիէի հրապարակէն երթ մը իրականացուցին դէպի Ուլուս՝ Թուրքիոյ առաջին խորհրդարանի շէնքը։
Անգարա եւ Մոսկուա կը ջանան Մերձաւոր Արեւելքի վերաբերեալ գտնել հասարակաց կէտեր:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան նորանշանակ ղեկավար դեսպան Փիոթըր Սվիթալսքին, որ յանձնեց իր հաւատարմագրերուն պատճէնը
Արտաքին գործոց նախարարը Պաքուի պաշտօնական շփումներուն աւարտին ուղեւորուեցաւ դէպի Սոչի: