Լրահոս
ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին միջեւ Երեւանի մէջ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկու կառոյցներու ղեկավարները այս փաստաթուղթը հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ ստորագրեցին կազմակերպուած արարողութեան ընթացքին։
ՁԱԽՈՐԴՈՒԹԻՒՆ
Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Քոպանիէն Թովմասեան ընտանիքին Իսթանպուլ-Երեւան ուղեւորութիւնը մնաց Չորեքշաբթի օրուան:
Ըստ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, օդակայանին մէջ ծագած են փաստաթուղթերու վերաբերեալ հարցեր:
ՊՈՔՕ ՀԱՐԱՄԻ ԿՈՂՄԷ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ 219 ԱՇԱԿԵՐՏՈՒՀԻՆԵՐՈՒՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ ՑԱՐԴ ԿԸ ՄՆԱՅ ԱՆՈՐՈՇ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երէկ լրացաւ նիժերիացի աշակերտուհիներուն Պոքօ Հարամ ծայրայեղական խմբաւորման կողմէ առեւանգման 500-րդ օրը: Այս առթիւ Նիժերիոյ տարբեր շրջաններուն եւ յատկապէս մայրաքաղաք Ապոժայի մէջ բողոքի մեծ երթեր կազմակերպուեցան: Երթերուն գլխաւոր ռահվիրան Bring Back Our Girls (Մեր աղջիկները տուն դարձուցէք) շարժումն է, որ կը վայելէ ոչ միայն երկրի, այլ նաեւ՝ միջազգային հանրութեան զօրակցութիւնը:
ՀԱՄԱՏԵՂ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ
Թրքական ռազմաօդանաւերը շաբաթավերջին ռմբակոծեցին Հալէպի հիւսիս-արեւեալ շրջանները:
Անգարա անվտանգ գօտիի մը ստեղծումը միշտ կը կարեւորէ՝ ԻՇԻՊ-ը հեռու պահելու համար իր սահմանէն:
ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՀԱՄԱՐ ԿՈՉԵՐ
Մինչ Ուքրայնոյ ճգնաժամը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը, շաբաթավերջին կարեւոր հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի, Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի եւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ։ Երեք ղեկավարները այս հեռախօսազրոյցին ընթացքին որպէս հիմնական նիւթ անդրադարձան Ուքրայնոյ առկայ իրավիճակին եւ Մինսքի պայմանաւորուածութիւններու իրականացման։
ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՎՃԻՌ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ
Երեւանի «news.am» կայքէջը շաբաթավերջին անդրադարձաւ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու առաջադրութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ բացուած դատին՝ Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ։
ՄԻՋԱՆԿԵԱԼ ՇՐՋԱՆ
Նոյեմբերի 1-ին նախատեսուած կանխահաս ընտրութիւններուն ընդառաջ ժամանակաւոր կառավարութիւն:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան վաւերացուց Տավուտօղլուի գլխաւորած առժամեայ դահլիճը:
ԹԵՀՐԱՆ «ԽԱՂԻ ՕՐԷՆՔՆԵՐ» ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԷ ՊԷՅՈՒԹԻ ՄԷՋ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանը ցնծաց… Քաղաքացիական պոռթկումը անցեալ շաբաթ արաբական աշխարհը յուզող կարեւորագոյն իրադարձութիւնն էր:
ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՄԵԾ ՏՕՆԸ
Այս շաբաթավերջին բովանդակ Թուրքիոյ մէջ կը նշուի Օգոստոսի 30-ի Մեծ Յաղթանակի տօնը։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ամբողջ երկիրը խոր երախտագիտութեամբ կը վերյիշէ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքն ու իր զինակից ընկերները։
