ԱԼԵՔՍԻՍ ՑԻՓՐԱՍ ՀՐԱԺԱՐԱԾ
Յունաստանի Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս երէկ երեկոյեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Թէ՛ Ցիփրաս եւ թէ իր կառավարութիւնը հրաժարական տուին եւ յառաջիկայ Սեպտեմբերին կանխահաս ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան երկրին մէջ։
Հայաստանի մէջ այս շրջանին վերանորոգման կ՚ենթարկուի Օձունի պատմական վանքը։ Երկրի հիւսիսին գտնուող այս հնամենի սրբավայրը Հայաստանի ճարտարապետական ժառանգութեան կարեւորագոյն հարստութիւններու շարքին կը դասուի։
Թուրքիա իրերայաջորդ ցնցումներ կ՚ապրի ահաբեկչական անիծելի յարձակումներով՝ միշտ դիմադրելով բարձր գիտակցութեամբ:
ԱՄՆ-ի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարները քննարկեցին համագործակցութեան ընթացքը:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջատար աստղերէն Հենրիխ Մխիթարեան գերազանց յաջողութիւնով սկսած է ներկայ եղանակին եւ Պորուսիա Տորտմունտի մարզաշապիկով Գերմանիոյ լիկին մէջ կ՚արժանանայ անմիջական ուշադրութեան։