Լրահոս
ՏՈՒՇԱՆՊԷԻ ՄԷՋ ՀԱՊԿ-Ի ԺՈՂՈՎՆԵՐ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Տուշանպէի մէջ մասնակցեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին համաշխարհային եւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան վրայ ազդեցութիւն գործող խնդիրներուն, Կեդրոնական Ասիոյ, Հարաւային Կովկասի առկայ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի զարգացումներուն կապակցութեամբ։
ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ ՀԱՅԱՄԷՏ ՈՐՈՇՈՒՄ
Յունական Կիպրոսի խորհրդարանը երէկ միաձայնութեամբ ընդունեց հայանպաստ որոշում մը։ Այսպէս, հաւանութեան արժանացաւ բանաձեւ մը, որով կը նախատեսուի «քրէականացնել հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը»։
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ
Իրանի հիւլէական ծրագրին շուրջ երէկ ի վերջոյ գոյացաւ եզրակացութիւն մը:
Թեհրան եւ P5+1 ձեւաչափով Լոզանի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւնները տուին դրական արդիւնք:
ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆ
ԱՊԱԳԱՅԻ ՏԵՍԼԱԿԱՆԸ
ՀԱՐՍՏԱՀԱՐՄԱՆ ՀԱՐՑԸ
ՊՈՒՔՐԷՇԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
ՆԱԽԱՐԱՐ ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ ԱՅՑԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր շրջագայութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Տաճիկիստան եւ Խրղըզիստան։ Ուղեւորութեան առաջին հանգրուանը կը հանդիսանայ Տուշանպէն։ Աշխատանքային այցելութեան շրջագծով Նալպանտեան Տաճիկիստանի մայրաքաղաքին մէջ կը մասնակցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։
ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ՇԷՆՔԻՆ ՎՐԱՅ ԶԻՆԵԱԼ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ
Իսթանպուլի մէջ երէկ դարձեալ ապրուեցաւ բռնութեան դէպք մը։ Մինչ բովանդակ երկիրը նախընթաց օր Իսթանպուլի Արդարադատութեան պալատին մէջ ապրուած դէպքերուն բերումով բռունցքի մը վերածուեցաւ ահաբեկչութեան դէմ, երէկ ալ յարձակում մը գործուեցաւ Իսթանպուլի Անվտանգութեան տնօրէնութեան վրայ։ Իրերայաջորդ այս երկու դէպքերը պատճառ դարձան, որ ահաբեկչութիւնը հերթական անգամ անիծուի։