«ՍՓԻՒՌՔ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծրագրին մասնակիցները վերջերս հիւրընկալուեցան երկրի խորհրդարանին մէջ։ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ընդունեց հիւրերը, որոնց կ՚ուղեկցէր նաեւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։
Աթէնքի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ կիպրահայոց Նարեկ վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Վարդան Թաշճեանի պարգեւատրման արարողութիւնը։ Այս առթիւ իրեն հանդիսաւորապէս շնորհուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան ոսկէ մետայլը՝ հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդին համար։
Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կաթողիկոս-պատրիարք ընտրուեցաւ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Կապրոյեան՝ վերանուանուելով Տ. Գրիգոր-Պետրոս Ի.։ Պէյրութի մէջ, Զմմառի վանքէն ներս շաբաթավերջին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սրբազան սինոդին կողմէ ընտրուեցաւ նորոգ հանգուցեալ Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս-պատրիարքին յաջորդը։
Թուրքիա-Հայաստան շարժանկարի հարթակը շարունակեց իր աշխատանքը «Ոսկէ ծիրան»ի շրջագծով:
Kepler աստղադիտակի միջոցով ՆԱՍԱ-ի գիտնականները յայտնաբերած են Երկրին նման մոլորակ մը:
Նախագահ Էրտողան. «Շատ տարբեր պայքարի մը ձեռնարկած կը գտնուինք»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ