ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Գերմանիոյ նորանշանակ դեսպան Մաթիաս Քեսլէրը, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Այս առթիւ Սարգսեան դեսպանին յաջողութիւն մաղթեց՝ Հայաստանի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութեան ճանապարհին։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւանց գրասենեակի տնօրէն Միխայէլ Լինքը, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։
Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը տեղեկացուց, թէ լիբանանահայ համայնքը ունեցած է ցաւալի կորուստ մը։ Այսպէս, երէկ կէս գիշերին իր մահկանացուն կնքեց լիբանանահայ ներհուն մտաւորական եւ բանաստեղծ՝ Սարգիս Կիրակոսեան:

Սուրուչի ահաբեկչական դէպքին կապակցութեամբ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին ուղարկեց ցաւակցական մը, ուր մասնաւորապէս ըսուած է հետեւեալը.
Վաստակաւոր դեսպան Իւնալ Չեւիքէօզ յայտարարեց, որ Թուրքիա եւ Հայաստան կրնան բարելաւել իրենց յարաբերութիւնները յանուն ապագային։
«Եւրոպական միութեան նպատակն է Երեւանի հետ հասնիլ ազատ մուտքի դրութեան»: