Լրահոս
ԵԸԼՄԱԶԷՐԷՆ ՑՈՒՑՄՈՒՆՔՆԵՐ
Լրագրող-հրապարակագիր Հրանդ Տինքի դէմ կատարուած մահափորձի հարցաքննութեան շրջագծով երէկ երկրորդ անգամ ցուցմունքներ տուաւ Իսթանպուլի Անվտանգութեան տնօրէնութեան լրաքաղութեան բաժանմունքի պետ Ալի Ֆուատ Եըլմազէր։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ան այդ ցուցմունքները տուաւ Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութեան ահաբեկչութեան ու կազմակերպեալ յանցագործութիւններու բաժանմունքի դատախազ Կէօքալփ Քէօքճիւի կողմէ յառաջ տարուած հետաքննութեան շրջագծով։
ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾԵՐԸ
Եւրոմիութեան գծով նախարար Վոլքան Պոզքըր յայտարարեց, թէ Եւրոխորհրդարանի Թուրքիոյ վերաբերեալ յետաձգեալ տեղեկագրի հարցին շուրջ մասնաւորապէս խնդրայարոյց դարձած է հայկական հարցը։ «Հապէր Թիւրք»ի հաղորդումներով, Եւրոխորհրդարանի Թուրքիոյ վերաբերեալ տեղեկագրի նախագծին համար 420 փոփոխութեան առաջարկ կատարուած է։
ՄԱԿ-Ի ՄՕՏ ՊԱՔՈՒԻ ԿՈՂՄԷ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԸ
Թէեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը յարաբերաբար սառեցեալ վիճակի մը մէջ կը գտնուի, սակայն հայ եւ ազէրի կողմերուն միջեւ լայնածաւալ դիւանագիտական պայքար մը կ՚ընթանայ միջազգային կազմակերպութիւններուն մօտ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Պաքու ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին մօտ շրջանառութեան մէջ դրած է հերթական փաստաթուղթը, որ սադրանք ու զրպարտանք կը համարուի Երեւանի կողմէ։
ՄԱՅԻՍԻ 28-Ի ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄՆԵՐ
Երէկ, Մայիս 28-ի Հանրապետութեան տօնը փայլուն հանդիսութիւններով նշուեցաւ Հայաստանի մէջ։ Սարտարապատի յուշահամալիրին մօտ տեղի ունեցած հանդիսութիւններուն մասնակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Տեղի ունեցաւ նաեւ զինուորական շքերթ։
ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐ
Երեւանի եւ Դամասկոսի ղեկավարութիւնները նոյնանման վերաբերմունք ունին ահաբեկչութեան դէմ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան շփումներ ունեցաւ Սուրիոյ մէջ:
ԱՐՑԱԽԻ ԿՈՂՄԷ ԱՌԱՋԱՐԿ
ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ԼՈՒՐՋ ՋԱՆՔԵՐ
Ճոն Քերի վերահաստատեց ԱՄՆ-ի յանձնառութիւնը՝ նպաստելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման:
Մոսկուայի մէջ Կրիկորի Քարասին եւ Անճէյ Կասպրչիկ անդրադարձան հակամարտութեան առկայ իրավիճակին ու կանգ առին արդի հարցերուն վրայ:
ԴԱՏԱՎՃԻՌԸ ԱՆՓՈՓՈԽ
Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն դատարանը երէկ մերժեց Ատրպէյճանի երկու քաղաքացիներու՝ Տիլհամ Ասկերովի եւ Շահպազ Կուլիեւի գործով վճռաբեկ բողոքը։ Անոնցմէ մին դատապարտուած էր ցմահ բանտարկութեան, իսկ միւսը՝ 22 տարուան ազատազրկման։
ՖՈՒՔԱԻՏԷՍԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ
Յունական Կիպրոսի Պաշտպանութեան նախարար Խրիստոֆորոս Ֆուքաիտէս երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ տեսակցելու առընթեր, հիւր նախարարը քննարկումներ ծաւալեց Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ։