ԲԱՐԵՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐ՝ ՀԱՅ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ
Արեւմտահայոց ազգային գոնկրէսը, որ Փարիզի մէջ գտնուող սփիւռքահայ կազմակերպութիւն մըն է, յայտարարեց, թէ գոհունակութեամբ կը դիմաւորէ երեք հայ երեսփոխաններու մուտքը Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս։
Ամերիկաբնակ արձակագիր Ալին Յովհաննէսեանի «Օրհանի ժառանգութիւնը» վէպը կ՚արժանանայ բարձր գնահատանքի։ Այսպէս, «Ամազոն» առցանց գրախանութը վէպը ճանչցաւ Ապրիլ ամսուան լաւագոյն գիրքը։
Եթովպիոյ հայ համայնքի ղեկավար Վարդգէս Նալպանտեան եւ իր դուստրը՝ իրաւաբան Գայիանէ Էլիզ Նալպանտեան այցելեցին Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւն, ուր հանդիպում մը ունեցան փոխ-նախարար Վահագն Մելիքեանի հետ։ Վերջինս կարեւորեց Եթովպիոյ հայ համայնքին հետ սերտ կապերու ամրապնդման, համայնքի պատմութեան ու ներկայ խնդիրներուն իրազեկ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը։