ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ 2015-Ի ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՆԵՐՈՒ ԾՐԱԳԻՐ
2015 թուականի մթնոլորտին մէջ ոգեկոչման արարողութիւնները կը շարունակուին աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ։ 100-րդ տարելիցին կապակցութեամբ յառաջիկայ օրերուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքը՝ Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած են ոգեկոչման արարողութիւններ։