ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԿՈՂՄԷ ԲՈՂՈՔ
Թուրքիա հայկական հարցին շուրջ վերջին օրերուն կատարուած յայտարարութիւններուն բերումով երէկ հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի, Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Գերմանիոյ Նախագահ Եոախիմ Կաուքի դէմ։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Օպամայի Ապրիլ 24-ի յայտարարութիւնը Ա. Աշխարհամարտի շրջանին ապրուածներու տեսակէտէ կը ցոլացնէ միակողմանի մօտեցում մը, մինչդեռ այդ բոլորը հայոց չափ թուրք ժողովուրդին տեսակէտէ ալ կը ներկայացնեն զգայնութիւն։