Լրահոս

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

Երէկ, «Restart» նախաձեռնութեան կազմակերպութեամբ, «Բերա փալաս» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հարաւային Կովկասի ներկայ իրավիճակին վերաբերեալ քննարկում մը, որու ատենախօսներու շարքին էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն միջազգայնագէտ ու քաղաքագէտ Արման Գրիգորեան, որ Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին մասնակցելէ վերջ եկած էր քաղաքս։

ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Փարիզ, ուր մասնակցեցաւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան նախարարական համաժողովի 40-րդ արտահերթ նիստին, որու ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Լեհաստանի նախագահ Անտրէյ Տուտան։ Չանքայայի ապարանքին մէջ տեղի ունեցաւ երկու ղեկավարներուն հանդիպումը, որ տեւեց շուրջ 2 ժամ 15 վայրկեան։

ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։

«ԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ԿԱՆՈՆՆԵՐՈՎ ԸՆԹԱՑՔ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ռազմեր եւ ծանր հրետանիով ռմբակոծումներ, մինչ Քիեւի մէջ «պարէտային ժամ» հաստատուած է։ Խերսով արդէն Ռուսաստանի զինեալ ուժերու տիրապետութեան տակ է։ Ուքրայնայի մէջ, թէեւ ռազմական գործողութիւնները մասամբ դանդաղած են, բայց եւ այնպէս, պատերազմը «հաստատակամ» կերպով կը շարունակուի։

Էջեր