Լրահոս

ԱՆՎՀԱՏ ՋԱՆՔԵՐ

Նախագահ Էրտողան եւ Շոլց Անգարայի մէջ կանգ առին Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին վրայ:
Թուրքիա եւ Գերմանիա կը նախատեսեն Եւրոպայի անվտանգութեան ուղղեալ միջոցներ ձեռք առնել՝ որպէս ՆԱԹՕ-ի դաշնակից:

ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԴԻՄՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութիւնը երէկ պաշտօնապէս դիմում ներկայացուց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան՝ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման նպատակով բանակցութիւններ կազմակերպելու համար։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, սա Երեւանի պատասխանն է Պաքուի կողմէ վերջերս իրեն ներկայացուած առաջարկներուն։

ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը տեսակցեցաւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ, որ նախօրէին Իսթանպուլ եկած էր Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հետ հանդիպելու համար։ Հիւր վարչապետը նախագահ Էրտողանի հետ հանդիպումէն անմիջապէս առաջ, կիրակի, յետմիջօրէի ժամերուն մէկտեղուեցաւ Նորին Սրբութեան հետ։

ԱՆԹԱԼԻԱՆ ԵՒ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ՓՈԽԿԱՊԱԿՑՈՒՄԸ

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Անթալիոյ մէջ կայացած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարին կատարած յայտարարութիւնները պարզ կը դարձնեն արցախեան հակամարտութեան լուծման եւ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացին փոխկապակցուած ըլլալը:

ԱՆԻԻ ԱՆԱՍԵԼԻ ՀՄԱՅՔԸ

«Անատոլու» գործակալութիւնը երէկ տեղեկեցուց, որ վերջին երկու ամսուայ ընթացքին 34 հազար 500 հոգի այցելած է պատմական Անի քաղաքը։ Պաշտօնական գործակալութեան կողմէ «Քաղաքակրթութիւններու օրրան» որակուած է միջնադարեան հոյակերտ քաղաքի այժմու աւերակները, որոնք ներկայիս սպիտակ քօղի տակ մնացած են։

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՄԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ

Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումի շրջանակէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն տեսակցութիւնը:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Արարատ Միրզոյեան հանդիպման յաջորդած յայտարարութիւններուն մէջ վերահաստատեցին Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ կարգաւորման հասնելու պատրաստակամութիւնը:

ԵՐԴՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Վահագն Խաչատուրեան երէկ երդուելով պաշտօնապէս ձեռնարկեց իր առաքելութեան։ Ըստ Սահմանադրութեան, նորընտիր նախագահին երդման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի յատուկ նիստի ձեւաչափին մէջ։

Էջեր