ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐԿՐՈՐԴ ԲԱՆԱՁԵՒ ՄԸ
Ռուսաստան-Ուքրայնա առկայ պատերազմի մթնոլորտին մէջ, երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։ Անգարա երկար ժամանակէ ի վեր ջանքեր կը գործադրէ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի ղեկավարները մէկտեղելու համար։
Ռուս խաղաղապահներու անգործութեան մթնոլորտին մէջ Ատրպէյճանի զօրքերը հրադադարը կը խախտեն Արցախի շփման գծին վրայ եւ կը յառաջանան՝ նոր տարածքներ վերահսկողութեան տակ առնելով:
Պրիւքսելի մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողով՝ մինչ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը կը շարունակուի:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ յայտնի ձեռներէց եւ ազգային գործիչ Նուպար Ճիվանեան։ Սուրիոյ մէջ ծնած եւ երկար տարիներ ապրած Նուպար Ճիվանեան այդ երկրի արտաքին առեւտուրին գծով կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր՝ հայր Էսատի իշխանութեան տարիներուն։
Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ ռազմավարական երկխօսութեան նիստ։ Սա այս ձեւաչափին մէջ երկրորդ ժողովն էր, որ կազմակերպուեցաւ առցանց։
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան երէկ այցելեց Դամասկոս, ուր հիւրընկալուեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ մօտաւոր անցեալին Պեշար Էսատ այցելած էր նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։
Ամերիկեան «Moderna» ընկերութիւնը տեղեկացուց, որ իր կողմէ «Covid-19»ի դէմ մանուկներու համար արտադրուած պատուաստանիւթը՝ չափահասներու համար արտադրուածին հաւասարազօր դրական արդիւնքներ կու տայ։ Երկու պարագային ալ պատուաստուածներու մարմնի դիմադրութիւնը կ՚ամրապնդուի՝ անհրաժեշտ համեմատութեամբ հակամարմիններու գոյացումով։
ՆԱԹՕ-ի Պաղ պատերազմի ժամանակներէն ի վեր ամենանուրբ հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Պրիւքսելի մէջ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան խորհրդարանի ամպիոնէն ելոյթ մը ունենալով վերահաստատեց երկրի դիրքորոշումը՝ Շուշիի հռչակագրին առընչութեամբ, որ անցեալ տարի ստորագրուած էր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան յայտնեց, որ այս կապակցութեամբ որեւէ փոփոխութեան չէ ենթարկուած հայկական կողմի դիրքորոշումը, որ արտայայտուած է տակաւին անցեալ տարի։
Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը որոշած է ուղեւորութեան մը ձեռնարկել դէպի Լեհաստան՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա առկայ պատերազմի մթնոլորտին մէջ։ Լեհաստանի նախագահ Անտրէյ Տուտայի հրաւէրին ընդառաջ Նորին Սրբութիւնը պիտի իրականացնէ այս այցելութիւնը, որու ընթացքին իրեն պիտի ընկերանան Գատըգիւղի Էմմանուել Մետրապոլիտը եւ Հայր Եագոպոս Քրոչաքը։