ՇՐՋԱՆԱՌՈՒԹԻՒՆ…
Աշխարհի վրայ կենսունակութեան հիմնական ցուցիչը շարժն է։ Եթէ երկրագունդը ինքնին նոյնաժամանակ երկու շրջանի մէջ է իր իսկ առանցքին եւ արեւուն շուրջ, ապա մարդը ինչպէ՞ս կրնայ անշարժ մնալ անոր վրայ։ Տեղափոխութիւնը վաղուց եղած է հաւաքական կեանքի մղիչ ուժը՝ շատ յաճախ դառնալով մեծ գործօն մը, որ պայմանաւորած է քաղաքակրթութեան սլացքը։ Շարժը նաեւ կը ձեւէ անհատը՝ նորութիւններու եւ զանազանութիւններու յորձանուտին մէջ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի հարցերու գծով նորանշանակ պետական նախարար Ճէյմս Քլեվըրլիի հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վահագն Խաչատուրեան Ազգային ժողովին կողմէ ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտարարեց, որ կը սկսին Երեւան-Ջուլֆա-Օրտուպատ-Մեղրի-Հորատիզ երկաթուղիի՝ Մեղրիի հատուածի դաշտային աշխատանքները։ Հարաւային Կովկասի նոր իրադրութեան մէջ, երբ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման գործընթաց մը յառաջ կը տարուի, այս երկաթուղիի վերագործարկման շուրջ, ըստ երեւոյթին, ընդհանուր փոխըմբռնում մը գոյացած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։
Ռուսաստան-Ուքրայնա առկայ պատերազմական գործողութիւններու իրավիճակին մէջ Վրաստանի ղեկավարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ ուշագրաւ նախաձեռնութիւնով մը։ Այսպէս, երկրէ ներս իշխանութեան գլուխ գտնուող «Վրացական երազանք-ժողովրդավարական Վրաստան» կուսակցութեան ու կառավարութեան միջեւ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններու լոյսին տակ որոշուեցաւ, որպէսզի Թիֆլիզ դիմում ներկայացնէ Եւրոմիութեան անդամակցելու համար։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ յայտարարութիւններ ըրաւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ Երկրի խորհրդարանէն ներս երեսփոխաններու հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ նախարար Միրզոյեան յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի միջեւ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած վերջին հանդիպումը կը գնահատէ դրական։
Էականն ու երկրորդականը անպայման պէտք է զանազանուին իրարմէ, միանշանակ։ Յաճախ, սակայն, մանրամասնութիւններու մէջ թաքնուած կ՚ըլլայ գաղտնիքը, խորհուրդը։ Զանազանութիւններու մէջ ինքնին առանձնանալը չունի՞ նշանակութիւն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ