ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԱՀ
Էրտողան Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մասին. «Միակ ելքի ճանապարհը դիւանագիտութիւնն է»:
Թէ՛ Մոսկուա եւ թէ Քիեւ չեն յաջողիր հասնիլ իրենց նպատակներուն: Փութին եւ Մաքրոն դարձեալ զրուցեցին հեռաձայնի վրայ: Պայտըն ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին առթիւ Եւրոպայի մէջ, ուր կը հրապարակէ նոր պատժամիջոցներ:
Պէյրութի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ նշանակալի իրադարձութիւն մը, որ լիբանանահայութեան տեսակէտէ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր՝ առկայ բարդ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման ժամանակաշրջանին։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) շնորհաւորական մը հրապարակեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի պաշտօնի կոչուելուն կապակցութեամբ։ Այս առթիւ մատնանշուեցաւ, որ Վահագն Խաչատուրեանի պաշտօնավարութիւնը կը սկսի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ հայ ազգը կանգնած է բազմաթիւ տարածաշրջանային ու համաշխարհային բարդ մարտահրաւէրներու առջեւ։
«Ուքրայնայի պատերազմը կրնայ շրջադարձային ըլլալ, կտրուկ փոփոխութիւնները չեն բացառուիր»:
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Պերլինի շփումներու ծիրէն ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական նախարար Թոպիաս Լինտների հետ։
Նորոգ վախճանեալ ազգային բարերար Գառնիկ Եագուպեանի մահը համատարած ցաւ յառաջացուցած է հայ իրականութենէն ներս։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) բազմամեայ կարկառուն վարիչներէն մին եղած էր Գառնիկ Եագուպեան, որու մահուան տխուր փուլին կը վերարժեւորուին մատուցած նուիրեալ ծառայութիւնները։
Արցախի նախկին արտաքին գործոց նախարարներէն Արման Մելիքեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան պիտի փորձէ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմէն իրեն համար առաւելագոյն օգուտները ապահովել Արցախի կտրուածքով։ Արման Մելիքեան, որ ներկայիս Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի կոչումը ունի, հարցազրոյց մը տուաւ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթին։
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը օրակարգի վրայ կու գայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն ներս եւ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին ժամանակ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկուեցան Երեւան-Մոսկուա համագործակցութեան, բարձր մակարդակի վրայ փոխադարձ այցելութիւններու եւ Հայաստան-Ռուսաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեայ յոբելեանին վերաբերեալ հարցեր։
Հայաստանի պետական լրատուական գործակալութեան՝ «Արմէնփրէս»ի տնօրէն նշանակուեցաւ Նարինէ Նազարեան։ Հարկ է նշել, որ գործակալութիւնը ունի փակ բաժնետիրական ընկերութեան կարգավիճակ։ Տնօրէնի թափուր պաշտօնին համար կատարուած է մրցոյթ, որ տեղի ունեցած է 15 մարտին։