ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ՓՈՐՁԱՍՐԱՀ
Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ վերջերս ամբողջութեամբ վերանորոգուած է Երեւանի Պարարուեստի պետական քոլէճի փորձասենեակը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փոխ-նախարար Արա Խզմալեան վերջերս այցելեց այս քոլէճը՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու համար կատարուած աշխատանքներու արդիւնքին։
Ժողովրդավարութիւնը մարդկային մտքի հորիզոններուն նուաճած կէտի վրայ լաւագոյն վարչակարգը կը համարուի։ Այո՛, լաւագոյն, որովհետեւ սկզբունքօրէն բաց է կատարելագործման եւ տեսականօրէն չի մերժեր իր հակադիր աշխարհահայեացքները, նոյնիսկ իր իսկ մերժումը։ Բայց, քանի մարդ կատարեալ չէ ինքն իսկ՝ ապա անոր գտած վարչակարգն ալ, հասկնալիօրէն, կատարեալ չէ։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան վերջին օրերուն 20 տարին բոլորեց իր պաշտօնին գլուխը։ ՀԲԸՄ-ի շրջանակներէն ներս երկար աշխատանք տարած Պերճ Սեդրակեան 20 տարի առաջ, 22 փետրուարին կազմակերպութեան գլուխը անցած էր՝ յաջորդելով Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնին։
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս երէկ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի երկրորդ հանդիպումը։ Թէ՛ Անգարայէն եւ թէ Երեւանէն երէկ պաշտօնական հրապարակումներ կատարուեցան այս կապակցութեամբ։
Թուրքիա անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի Ուքրայնայի տագնապին։ Առկայ պատերազմական իրավիճակին մէջ Անգարայի ղեկավարութիւնը հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ նպաստելու համար հաւանական լիցքաթափման, ռազմական գործողութիւններու կասեցման եւ դիւանագիտութեան վերսկսման։
Մինչ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակէ քաղաքական օրակարգը զբաղեցնել առաջնահերթօրէն, Անգարա աշխատանքները յառաջ կը տանի թրքահայ համայնքային շրջանակները իրադարձութիւններէն տեղեակ պահելով եւ անոնց տրամադրութիւնները շօշափելով։ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Սերտար Քըլըչ այս ամբողջին մէջ երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին։
«Հայաստան-Ատրպէյճան հարցերու լուծման կողմանկից են Ռուսաստանն ու անոնց բոլոր հարեւանները»:
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը երէկ Երեւանի մէջ ժողով մը գումարեց՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։ Բացի խորհուրդի բուն անդամներէն, նիստին մասնակցեցան նաեւ Հանրապետութեան նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Ալէն Սիմոնեան եւ Ազգային ժողովի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Յակոբ Արշակեան։
Ուքրայնայի տագնապով պայմանաւորուած մտահոգութիւնը հետզհետէ կը խորանայ միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Ռուսաստանի կողմէ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ինքնահռչակ հանրապետութիւններու ճանաչումը տակն ու վրայ ըրած է աշխարհը։