Լրահոս

ԱՆԻ ՔԱՂԱՔԻ ՀԱՄԱԿԻՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց՝ պատմական Անի քաղաքի համակիրներէ բաղկացեալ խումբ մը։ Այսպէս, Պատրիարքարան այցելեցին Ալի Կիւրպիւզ Սատըքօղլու, Էրպիլ Հիւրեուրթ, Իհսան Աքքուշ, Օսման Պաշչիֆթճի, Էօզկիւր Տենիզ եւ Իրմա Աբգար։

ԱՇԽԱՐՀ ՓՈՒՇԻ ՎՐԱՅ

Ռուսաստան ճանչցաւ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի անկախութիւնը եւ իր բանակը մտաւ Ուքրայնայի տարածք:
Միջազգային հանրութիւնը կ՚ընդդիմանայ սաստկօրէն: Անգարա անընդունելի ու մերժելի կ՚որակէ Մոսկուայի որոշումը:

ՄԱՐԴՈՒԺԻ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ

Հայաստանի «Իմ քայլը» բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Մխիթար Հայրապետեան վերջերս աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Քաթար։ Յիշեալ հիմնադրամի աղբիւրները երէկ Երեւանէն տեղեկացուցին, որ ան հանդիպում մը ունեցած է Քաթարի արքունիքէն շէյխուհի Հինտ Պինթ Համատ Ալ-Թանիի հետ, որ Քաթարի ներկայ էմիրի հարազատ քոյրն է եւ գործադիր տնօրէնուհին՝ Քաթարի հիմնադրամին։

ԱՏԱՆԱՅԻ ԴԷՊՔԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԳԻՐՔ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, Սթենֆրտի համալսարանի հրատարակչութենէն լոյս տեսած է յայտնի պատմաբան Պետրոս Տէր-Մաթոսեանի «Ատանայի արհաւիրքը» գիրքը։ «Էրեբունի» կայքէջի հաղորդումներով, բազմալեզու տասնհինգ արխիւներէ ներս շուրջ տասնամեակ մը տեւած ուսումնասիրութիւններու արդիւնքը կը հանդիսանայ այս հատորը, որ ձօնուած է աւելի քան 22 հազար զոհ խլած 1909-ի Ատանայի ջարդերուն։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։ Ինչպէս ծանօթ է, երկարատեւ բարեկարգման աշխատանքներէ վերջ այս եկեղեցին շաբաթավերջին օծուելով պաշտամունքի վերաբացուած էր։

ԴԷՊԻ ԲՌՆԱԳՐԱՒՈ՞ՒՄ

Ուքրայնայի տագնապը հետզհետէ կը սաստկանայ ու դաշտի վրայէն հասած լուրերը հետզհետէ աւելի մտահոգիչ կը դառնան։ Միջազգային աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ շաբաթավերջին հազարաւորներ տարհանուած են Տոնպասի շրջանէն, ուր պատահած են պայթումներ՝ Ուքրայնայի զինուորներու եւ Ռուսաստանի հովանաւորած անջատողականներու շփման գծին վրայ։

ԵԱՀԿ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ԵՌԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիեւ Ռաու վերջին օրերուն հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահներուն հետ։ Վարշաւիոյ մէջ տեղի ունեցած տեսակցութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ։

ԷՐՏՈՂԱՆ ԶՐՈՒՑԵՑ ՍԹՈԼԹԵՆՊԵՐԿԻ ՀԵՏ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ընդհանուր քարտուղարը շնորհաւորութիւններ յղեց Թուրքիոյ՝ դաշինքի անդամակցութեան 70-ամեակի յոբելեանին առթիւ։

Էջեր