ԻՒՆԷՍՔՕ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՄՇԱԿՈՅԹԸ ԳՈՐԾԻՔ ՉԴԱՐՁՈՒԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
44-օրեայ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան Ատրպէյճանի կողմէ շարունակական պղծման ձեւախեղման եւ ոչնչացման դէպքերուն հերթական անդրադարձը կատարուեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ։
Նոյան Սոյաք յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացին շուրջ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ «Արաս» հրատարակչատունը ներկայիս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է նոր եւ իսկապէս յատկանշական գիրք մը, որ կը կոչուի «Կապոյտ երազ»։ Պատմուածքներու ժողովածոյ մըն է այս մէկը, որ կողքի մը տակ կը համախմբէ իսթանպուլահայ գրողներու ծովու, կղզիի, նաւու եւ նաւամատոյցի վերաբերեալ պատմուածքները, գրականութեան բաւիղներուն մէջ կը հետապնդէ Պոլսոյ ու պոլսեցիներու այս մեծ սիրոյն հետքերը։
Ուքրայնայի տագնապը կը շարունակէ առաջնահերթ տեղ զբաղեցնել համաշխարհային օրակարգի վրայ։ Մտահոգիչ իրադարձութիւնները զգալիօրէն տագնապեցուցած են նաեւ միջազգային հանրութիւնը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախարարներու խօսակցութեան ընթացքին քննարկման առարկայ դարձած է նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։
Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն մէջ վերջին շրջանին նկատելի է մթնոլորտի փոփոխութիւն։ Վերջին տարիներու իրերայաջորդ վերիվայրումներէն վերջ, այժմ կողմերու միջեւ սկսած է ձիւնահալ մը, ինչ որ այս շրջանին կը զուգորդուի երկու երկիրներու նախագահներու իրերայաջորդ հեռախօսազրոյցներով։
Հայաստան-Ատրպէյճան երկաթուղիի վերականգնման հետամուտ աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը:
Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեան ներկայացուց, որ ներկայիս Ստեփանակերտի մէջ օրէնքի նախագիծ մը կը մշակուի։ Այսպէս, Արցախի Ազգային ժողովէն ներս շրջանառութեան մէջ դրուած է այս փաստաթուղթը։
Փաքիստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Քամար Ճաւիտ Պաժվա Թեհրանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի Ներքին գործոց նախարար Ահմատ Վահիտի հետ։
Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչը՝ Ռուբէն Ռուբինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքոյի հետ։ Ըստ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեանի կողմէ հրապարակուած մանրամասնութիւններուն, զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ։