ԱԿԱԴԵՄԻԱՅԷՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ
Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային կողմէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, համապատասխան պատուոյ գիրը Շահան Գանտահարեանին յանձնուեցաւ կառոյցի նախագահութեան անդամ Եուրի Սուվարեանի կողմէ, որ ակադեմիայի Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղարն է։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գործերով նորանշանակ փոխ-տեղակալ Էրիքա Օլսոն կը պատրաստուի այցելել Հարաւային Կովկաս։ Տարածաշրջանային ուղեւորութեան ծիրէն ներս ան շփումներ պիտի ունենայ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի մէջ։
Ուրախութեամբ իմացայ, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը արդէն թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 114 տարին։ Այս երկար տարիներու ընթացքին՝ ԺԱՄԱՆԱԿ հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի ձայնը՝ եթէ մէկ կողմէ պոլսահայութեան-թրքահայութեան՝ բայց նոյնքան նաեւ հայրենի եւ սփիւռքահայ իրականութիւններէն ներս։ ԺԱՄԱՆԱԿ այս երկար տարիներու ընթացքին կերտեց Աւանդ՝ ուր կրցաւ հայուն ազգային-մշակութային եւ լեզուական ժառանգի մէկ լաւ խօսնակը եւ պահապանը ըլլալ։
Անգարա բոլոր հարթութիւններու վրայ կը բարձրաձայնէ «3+3» հարթակի ստեղծման առաջարկը:
Երէկ, բովանդակ Թուրքիոյ մէջ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 98-րդ տարեդարձը։ Երկրի բոլոր քաղաքներուն մէջ օրուան տեւողութեան տեղի ունեցան տօնակատարութիւններ, որոնք ոգեւորութիւն ստեղծելու առընթեր եկան հերթական անգամ վերահաստատել միութեան ու միասնականութեան տրամադրութիւնները։
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը որոշած է 50 հազար ամերիկեան տոլար նուիրել Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի գրադարանին։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այս շաբաթավերջին կ՚այցելէ Իտալիա՝ մասնակցելու համար Մեծն քսանեակի (G20) անդամ երկիրներու գագաթաժողովին։ Ապա ան կ՚ուղեւորուի դէպի Կլասքով, ուր նախատեսուած է ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, որ Իտալիա մեկնած է մասնակցելու համար Մեծն քսանեակի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու գագաթաժողովին, Վատիկանի մէջ ընդունուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին կողմէ։ Նախագահ Պայտընի հետ էր նաեւ Առաջին տիկին Ճիլ Պայտըն։
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այսօր կը դառնայ 98 տարեկան։ Այսօր ամբողջ երկիրը համակուած է տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Ամէն տարուան նման այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի Հոկտեմբերի 29-ի Հանրապետութեան տօնը։
Գումգաբուի մէջ պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ հերթական հանդիպում: