ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆԻ ՆՈՐ ՁԱՅՆԱՍԿԱՒԱՌԱԿԸ
Աշխարհահռչակ ECM ձայնագրման աշխատանոցը, որ աշխատանք կը ծաւալէ Միւնիխի մէջ, Գերմանիա, թողարկած է հայկական երաժշտական կենդանի առասպելներէն Տիգրան Մանսուրեանի «Հոգւով իմոյ» (Con anima) հեղինակային ձայնասկաւառակը, որուն մէջ ընդգրկուած է սիրուած յօրինողի վեց ստեղծագործութիւնը:
«Collins» բառարանը 2020 թուականի բառ ընտրած է «լոքտաուն»ը։ Այսպէս, անգլերէն լեզուի «Collins Dictionary» բառարանը 2020 թուականի բառ ընտրած է «լոքտաուն»ը (lockdown), որ կը մարմնաւորէ «միլիառաւոր մարդոց ընդհանուր փորձը»:
Յարգարժան Պր․ Գօչունեան,
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի իսկապէս շատ սիրելի եւ համակրելի դէմքերէն մին՝ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Ալպէր Կիւլպէնկ։ Դժբախտաբար ան զոհ գացած է քորոնաժահրի համաճարակի, ինչ որ խոր սուգի մատնած է իր ընտանիքն ու սիրելիներու շրջանակը, Վարդանանց երգչախումբի ընկերներով հանդերձ։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Թիֆլիզի մէջ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի ազգային հաւաքականին կողմէ։ 2-1 արդիւնքով հայկական ընտրանին յաղթանակ տօնեց հիւրընկալ խումբին դիմաց։
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի յայտարարութեան գործադրութեան ժամանակացոյցը շաբաթավերջին փոփոխութեան ենթարկուեցաւ։ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած համաձայնագրով նախատեսուած էր մինչեւ 15 նոյեմբեր Ատրպէյճանին յանձնել Քարվաճառի (Քէլպէճէր) շրջանը։
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին բողոքի ցոյցերը կանգ առին, մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ Ազատութեան հրապարակին վրայ եւ սուգ պահուեցաւ նահատակներուն համար:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ ունեցան հանդիպում մը։ Սա եղաւ վերջին օրերու անոնց երկրորդ տեսակցութիւնը։
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հրադադարի համաձայնութեան գործադրութիւնը վաղը դաշտի վրայ պիտի սկսի գործնականօրէն։ Հակամարտութեան տարածքաշրջանէն ներս պիտի տեղակայուին Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերը։
Հռչակաւոր դերասան Արմէն Ճիկարխանեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն իր մահկանացուն կնքեց Մոսկուայի մէջ։ Ան 86 տարեկան հասակին հեռացաւ կեանքէն։