ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ Պաշտպանութեան նախարար Անեկրէթ Քրամփ-Քարէնպաուէրի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարներու զրոյցի ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկան արեւելեան Միջերկրականի խնդիրները։
Երեւանի մէջ այս շրջանին կը սկսի «Գեղագրութեան դասընթաց Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնին մէջ» խորագրեալ նախագիծը։ Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնն ու Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը միասնաբար ձեռնարկած են այս ծրագրին։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ երէկ երեկոյեան հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 111 հազար 193 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1673 նոր վարակեալ։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ տօնեց Էսթոնիոյ դիմաց։ Այսպէսով, սպանացի աւագ մարզիչ Խոաքին Քափարոսի գլխաւորութեամբ հայկական ընտրանին ապահովեց իր առաջին յաղթանակը։
«Ցաւալի է տեսնել ատելութեան հրահրումը ո՛չ միայն մեր տարածքաշրջանէն ներս, այլեւ զայն տեղափոխելու փորձերը անոր սահմաններէն դուրս»:
Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան երէկ ազատուեցաւ իր աշխատանքէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այդ կարգադրութիւնը կատարուեցաւ Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանի կողմէ։
Forbes հանդէսը կ՚անդրադառնայ, որ Gucci-ի հայազգի բնորդուհին կը փոխէ գեղեցկութեան մասին չափանիշային պատկերացումները։ Այսպէս, Gucci-ի հայազգի բնորդուհի Արմինէ Յարութիւնեանի «ոչ-աւանդական» արտաքինը քորոնաժահրի համավարակի հանգստեան օրերուն Իտալիոյ մէջ համաժողովրդական բանավէճ յառաջացուցած է գեղեցկութեան չափանիշներու, նմանակայինի եւ «պատի շէյմինկ»ի («մարմնի խայտառակութիւն») շուրջ: