Լրահոս

ԻՊՐԱՀԻՄ ՔԱԼԸՆ ԵՒ ՃՈՆ ՊՈԼԹԸՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթընի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Իպրահիմ Քալըն եւ Ճոն Պոլթըն առաջնահերթօրէն անդրադարձան Սուրիոյ իրադարձութիւններուն։

ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՏԱՐԻ

Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբը երէկ համերգ մը տուաւ Երեւանի Օփերային մէջ:
Մեծ վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական շրջանին առթիւ մշակուած է բազմաբովանդակ ծրագիր մը:

ՀԱՄԱՏԵՂ ԱՐՏԱԴՐԱՆՔ

«Քալաշնիքով» ռազմական արտադրութեան ռուսական յայտնի ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Անտրէյ Պարիշնիքովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան հիւրընկալեց Պարիշնիքովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ երկխօսութեան յանձնախումբը այս օրերուն հերթական ժողով մը կը գումարէ Վատիկանի մէջ։ Արեւելեան Ուղղափառ-Կաթոլիկ միջեկեղեցական երկխօսութեան յանձնախումբի 16-րդ հանդիպումն է այս մէկը։

ՊԻՆԱԼԻ ԵԸԼՏԸՐԸՄ ՊԻՏԻ ՀՐԱԺԱՐԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՊԱՇՏՕՆԷՆ

Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմ, որ ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Իսթանպուլի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած է, կը պատրաստուի հրաժարիլ իր պաշտօնէն։ Երէկ երեկոյեան Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ «CNN Türk» հեռուստակայանէն։

ԱՆՆԱՀԱՆՋ ԸՆԹԱՑՔ

Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի խօսքով՝ Սուրիայէ ներս ստեղծուելիք անվտանգ գօտին պիտի վերադառնան միլիոնաւոր գաղթականներ:
Թուրքիա մօտաւոր ապագային անդորրութիւն պիտի ապահովէ նաեւ Եփրատի արեւելքին՝ հարուած հասցնելով ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն:

ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ԱԼԻԵՒԻ ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ԴԻՒՐԱՑՆԵՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի՝ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ վերադառնալը գործնական խնդիր մը կը համարէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Եռաբլուր» նահատակաց պանթէոնին մէջ Զօհրապ Մնացականեան երէկ զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։

ՎԼԱՏԻՄԻՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ԲԱՆԲԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բանբեր նշանակուեցաւ Վլատիմիր Կարապետեան։ Քանի մը օրէ ի վեր Երեւանի աղբիւրները հաղորդումներ կը կատարէին այս մասին ու վերջապէս Վլատիմիր Կարապետեան այս առաւօտեան ժամերուն յստակօրէն հաստատեց վերոյիշեալ հաղորդումները։

Էջեր