Լրահոս

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ, ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ։ Ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը, որուն մասնակցեցան նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ։

ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ…

Արա Մալիքեան եւ իրեն ընկերակից եօթ հոգիէ բաղկացեալ խումբը անմոռանալի համերգ մը տուին Իսթանպուլի մէջ:
Աշխարհահռչակ վիրթիէօզ ջութակահարը անկրկնելի վարպետութեամբ խոր տպաւորութիւն գործեց ունկնդիրներուն վրայ:

ՀՈՒՐԻ ԱՊԱՀՈՒՆԻ. «ՀԱՄՈԶՈՒԱԾ ԵՄ, ՈՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԱՒԱՐՏԻ ՇԵՄԻՆ ԵՆՔ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Յաճախ դիպուածները առիթ կը հանդիսանան, որ նոր անուններու ծանօթանաս։ Ի դէպ լրագրութեան ասպարէզին մէջ մտած ոեւէ գրողի համար շատ կարեւոր են կապերը՝ յարաբերութիւնները։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԱՃԱԾ

Անցեալ տարի Մատենադարան այցելած է 113 հազար հոգի։ Այսպէս, Հայաստանի Մեսրոպ Մաշտոց Մատենադարանի հին ձեռագրերու գիտահետազօտական կաճառը 2018 թուականին ունեցած է 113 հազար այցելու, իսկ Արցախի մասնաճիւղը՝ 16 հազար:

ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԱՅԻՆ ՇԱԲԱԹ

Հայաստանի մէջ ազգային գրադարանային շաբաթը կը սկսի ապրիլի 15-ին։ Այսպէս, Հայկական գրադարանային ընկերակցութիւնը ապրիլի 15-22 թուականներուն Հայաստանի մէջ կ՚իրականացնէ աւանդաբար նշուող Ազգային գրադարանային շաբաթը, որ այս տարի նուիրուած է մեծանուն բանաստեղծ Յովհանէս Թումանեանի եւ հայկական ազգային յօրինողական դպրոցի հիմնադիր Կոմիտասի 150-ամեակներուն:

ՅՍՏԱԿ ՈՒ ԴՐԱԿԱՆ

Հայաստանի վարչապետը ելոյթ մը ունեցաւ ԵԽԽՎ-ի գարնան նստաշրջանի լիագումար նիստին ժամանակ։
Փաշինեան. «Հարեւաններու հետ մեր յարաբերութիւնները կը պատկերացնենք խաղաղութեան օրակարգի շրջանակին մէջ»։

ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ ԵՒ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ ԱՅՍ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով այս երկուշաբթի՝ ապրիլի 15-ին հանդիպում մը պիտի ունենան Մոսկուայի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հանդիպման ներկայ պիտի գտնուին նաեւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկրի արտաքին գործոց նախարար։

Էջեր