ՃԷՊԷՃԵԱՆ ԱՐՑԱԽ ԱՅՑԵԼԵՑ

Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական, Սուրբ Գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի տնօրէն Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան վերջին օրերուն այցելեց Արցախ։ Ստեփանակերտի մէջ ան հիւրընկալուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի կողմէ։
Ազգային մեծ ժողովի նոր նստաշրջանը սկսաւ հանդիսաւոր նիստով մը, որուն յաջորդեց ընդունելութիւն մը:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին քննարկեցին երկկողմանի գործակցութեան ընդհանուր ընթացքը:
Իտալացի նկարիչ Տարիօ Կամփարին Իտալիոյ մէջ քաշանի միջոցով ստեղծած է շուէտուհի Կրեթա Թունպերկի վիթխարի դիմանկարը դաշտին վրայ։
Երէկ երեկոյեան, Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի Էյֆելի աշտարակը վարդագոյնով պատուած է, ի նշան աջակցութեան կուրծքի քաղցկեղի դէմ պայքարի շարժման։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին մէջ կարծես ծայր կու տայ անորոշութիւն մը:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեծանուն արուեստագէտ Արթօ Չաքմաքճեան Գանատայի մէջ կնքած է իր մահկանացուն։ Յառաջացած տարիքի մէջ աշխարհահռչակ քանդակագործը հեռացած է աշխարհէն։ Արթօ Չաքմաքճեան հայկական սփիւռքի ամենավառ դէմքերէն մին էր եւ իր սերունդի ամենաուրոյն ներկայացուցիչներէն մին։
Երեւանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթաժողովը։ Անդամ երկիրներու ղեկավարները արդէն ժամանած են Հայաստան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուին երկրի ղեկավարութեան կողմէ։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան, շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի հետ։ Ս. Գայիանէի վանքի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որու ընթացքին Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան նշեց, որ ուշադրութեամբ կը հետեւի պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն՝ մանաւանդ, կանոնադրութեան ուղարկուելուն զուգահեռ ստեղծուած վիճակին։