ՖՈՒԱԹ ՕՔԹԱՅ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԲՈՂՈՔ ՅԱՅՏՆԵՑ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ
Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթայ վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պաքու, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Ան մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիա-Ատրպէյճան համատեղ տնտեսական յանձնաժողովի 8-րդ նիստին։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը պատրաստուին յառաջիկայ օրերուն հանդիպում մը ունենալ Նիւ Եորքի մէջ։ Նախագահ Էրտողան այս շաբաթավերջին Նիւ Եորք պիտի մեկնի՝ մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմնի երէկուան հերթական ժողովը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Էրտողան, Փութին եւ Ռուհանի հինգերորդ անգամ քննարկեցին Սուրիոյ տագնապի յաղթահարման հարցը:
Գերմանիոյ նախկին նախագահ Եոախիմ Կաուք այս օրերուն այցելութիւն մը կու տայ Հայատսան:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ այս տարեշրջանին համար «Արսենալ»էն փոխ տրուեցաւ «Ա.Էս.Ռոմա»ին, կիրակի, 15 սեպտեմբերին կատարեց իր առաջին մրցումը անոր հետ, երբ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյենութեան՝ «Քալչիօ»ի 3-րդ հանգրուանին անոր կազմը հիւրընկալեց «Սասուոլօ»ն:
Հայաստանը ներկայացնող, Եւրոպայի 23 տարեկաններէ վար փոխ-ախոյեան Սլաւիկ Գալստեան տիրացաւ Ղազախիստանի մայրաքաղաքը՝ Նուրսուլթանի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի ախոյենութեան պրոնզէ մետայլին, 63 քկ. դասակարգին մէջ (ոչ-ողիմպիական): Գալստեան, որ ճակատեցաւ իրանցի Մէյսամ Տալխանիի դէմ, արձանագրեց 7-5 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ռուսաստանի Չելեապինսք քաղաքին մէջ «Ծնած եմ ապրելու համար» տեղաշարժման խնդիրներ ունեցող կանանց գեղեցկութեան մրցոյթի ծիրէն ներս Հայաստանը ներկայացնող Գոհար Նաւասարդեան անցած է եզրափակիչ փուլ՝ արժանանալով «Սփորի թագուհի» անուանակարգին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, միջազգային ամենամեայ այս մրցոյթը կ՚իրականացուի Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու ազգային հաստատութիւններու աջակցութեամբ:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան կանոնադրութեան սպասման մթնոլորտին մէջ՝ արտասահմանի թեկնածուներու պարագան հետաքրքրութեան առարկայ: