ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՏՕՆԵՑ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ
«Եւրօ-2020»ի որակաւորման փուլի հանդիպումներու ծիրէն ներս Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան յաղթանակ տօնեց Աթէնքի մէջ։ 2020 թուականին նախատեսուած Եւրոպայի ֆութպոլի առաջնութեան ընդառաջ հայկական ընտրանին պայքար կը մղէ J խումբին մէջ։ Երէկ երեկոյեան Յունաստան-Հայաստան հանդիպումը տեղի ունեցաւ Աթէնքի Ողիմպիական մարզադաշտին վրայ։
Նախագահ Արմէն Սարգսեան. «Կը յուսամ մենք կը սկսինք աշխատիլ 2020 թուականի ուղղութեամբ»:
«Սփութնիք Արմէնիա» հաղորդեց, որ երէկ Երեւանի եւ Վանի միջեւ տեղի ունեցած է մասնաւոր թռիչք մը։ Սա չարթըր թռիչք մը եղած է, սակայն կը համարուի շատ յատկանշական։ Ինչպէս ծանօթ է, քանի մը տարի առաջ խնդրոյ առարկայ դարձած էր Երեւանի եւ Վանի միջեւ ուղիղ թռիչքներու կազմակերպումը, սակայն աւելի վերջ վերջին պահուն այդ ծրագիրը ձախողած էր։
Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղարին նոր հատորը կը համարուի եզակի հրաատարակութիւն մը Աստուծաշունչի յանձնառութիւն (Bible Engagement) ճիւղին մէջ, որ կը ձգտի քաջալերել Աստուածաշունչը կարդալու եւ հասկնալու՝ մեկնելով անհատին եւ հաւաքականութեան լեզուական եւ ընկերամշակութային տուեալներէն։
Սամաթիոյ մէջ պատահած յարձակումէն վերջ, Սարգիս եւ Արփինէ ամոլը պիտի վերադառնայ Հայաստան:
«Մտքերու հայկական գագաթաժողով» Հայաստանի նախագահի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ:
Ֆութպոլի 2020 թուականի Եւրոպայի առաջնութեան որակաւորման փուլի ծիրէն ներս, Հայաստան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Լիխթենշթայնը։ J խմբաւորման հանդիպումներուն ծիրէն ներս հայկական ընտրանին 3-0 արդիւնքով յաղթանակ տօնեց Լիխթենշթայնի դէմ։