ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԼՈՒՐ ՄԸ
Սփիւռքահայ կրթօճախներու ցանցի ընդհանուր տկարացման առումով ահազանգ:
«Իւզպաշեան-Կիւլպէնկեան» Ամմանի միակ հայկական վարժարանի փակուելու համար որոշում:
Սփիւռքահայ կրթօճախներու ցանցի ընդհանուր տկարացման առումով ահազանգ:
«Իւզպաշեան-Կիւլպէնկեան» Ամմանի միակ հայկական վարժարանի փակուելու համար որոշում:
CNN Türk հեռուստակայանը շաբաթավերջին հաղորդեց, որ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը շատ կարեւոր որոշում մը ընդունած է՝ փոքրամասնութիւններու սրբատեղիներու պարագային։ Այսպէս, Ընդհանուր տնօրէնութիւնը իր կողմէ տնօրինուած եկեղեցիներու եւ սինակոկներու պարագային պիտի ձեռնարկէ կարեւոր կարգադրութեան մը։
2018-ի յունուարէն մայիս ամիսներուն, Արցախ այցելած են 8654 օտար զբօսաշրջիկներ: Զբօսաշրջիկներուն թիւը 2017-ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ համեմատած՝ 102 տոկոս աճած է, կամ՝ 4362-ով: Զբօսաշրջիկներուն թիւը աճած է նաեւ առանձին ամիսներու համեմատութեամբ:
Տաւուշի մարզի Դովեղ գիւղը «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ի աջակցութեամբ օժտուեցաւ ոռոգման ջուրի համակարգով:
Բնակավայրի տնամերձ հողատարածքներու ոռոգման ցանցի կառուցման համար ներդրուած է 19.5 միլիոն դրամ:
Հայաստանի Բնապահպանութեան նախարարութիւնը պիտի նախաձեռնէ Հայաստանի մէջ միանգամեայ օգտագործման կերպընկալի արգիլման գործընթաց: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց բնապահպանութեան նախարար Էրիկ Գրիգորեանը:
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան խօսեցաւ Հայաստանի վերջին փոփոխութիւններուն շուրջ:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան ծրագիրներուն մասնակից երիտասարդներուն հետ հանդիպում:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութիլի Հելսինքիի մէջ հանդիպումէն վերջ Ամերիկայի մէջ կայ համընդհանուր դժգոհութիւն։
Այսպէս, վերջին օրերուն ամերիկեան Foreign Policy պարբերականը կարդացողներուն համար աւելի քան պարզ կը դառնար, որ ինչ մակարդակի դժգոհութիւն մը տիրէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ներքաղաքական միջավայրին մէջ։
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմին տեղակայման վայր սահմանելու համար որոշման նախագիծ:
Նիկոլ Փաշինեան արդէն գործնականօրէն կ՚աշխատի միայն Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի շէնքին մէջ:
Կիւմրիի մէջ, այսուհետեւ ամէն ուրբաթ օր բոլոր փափաքողները կրնան սորվիլ հայ աւանդական ու ազգագրական պարեր:
«Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ, այս մասին կիւմրեցիներուն տեղեկացուց «Կարին» համոյթի ղեկավար, ազգային պարերու բանահաւաք եւ Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ՝ Գագիկ Գինոսեան:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ:
Կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց պետական մարմիններուն՝ որպէսզի օրէնքի շրջանակներու մէջ կանխուին՝ իրենց բնոյթով աղանդաւորական եւ կասկածելի ծագումնաբանութեամբ խմբակներու սադրիչ գործողութիւնները: