ՇԻՐԱԿԻ ԵՐԿՐԱԳԻՏԱԿԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՆՈՐ ՇԷՆՔԸ
Երկար տարիներ արկղերու մէջ պահուած «հարստութիւնը» վերջապէս հանրութեան ներկայացնելու հնարաւորութիւն ստեղծըւած է: Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ՝ Կիւմրիի քաղաքային համայնքի Ջիւանի փողոց, 74 հասցէին վրայ գտնուող հիւանդանոցի շէնքը անհատոյց, անժամկէտ օգտագործման իրաւունքով յատկացուած է «Շիրակի Երկրագիտական թանգարան» ՊՈԱԿ-ին:
Երեւանի մէջ բացուեցաւ նկարչուհի Յասմիկ Գասպարեանի «Սկիզբ» խորագրեալ անհատական ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած են իր 18 աշխատանքները: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՚արտացոլացնէ նկարչուհիի յոյզերը, ապրումները, տրամադրութիւնները:
Ամիսներ առաջ Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը յայտարարեց նոր նախագծի՝ «Դէպի մանկական Եւրոտեսիլ»ի մեկնարկը: Երկու ամիս շարունակ ստեղծագործական խումբը կը ստանար տասնեակ յայտեր, ինչպէս Հայաստանէն, այնպէս ալ արտերկրէն:
Աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ յուլիսի 30-ը կը նշուի որպէս «Ընկերներու օր»: Միջերկրածովեան տարածքաշրջանի եւրոպական երկիրներու եւ Լատին Ամերիկայի մէջ այս օրը կը նշուի տօնախմբութիւններով, ընկերական հաւաքոյթներով, գինիով եւ ուրախութեամբ:
Հայկական մշակոյթ, ճարտարապետական կոթողներ, չքնաղ բնապատկերներ. Travelblog.lv-ն կը բացայայտէ Հայաստանը՝ իր ամբողջ հմայքով ու էութեամբ։
1 մարտ 2008-ի արիւնալի դէպքերուն պատճառով, Յատուկ քննչական ծառայութեան պահանջին հիման վրայ՝ Հայաստանի դատական մարմինները երէկ ուշ գիշերին որոշեցին կալանաւորել Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, որ երկու ամսուան ժամկէտով բանտարկուեցաւ:
Լիսէներու մուտքի քննութիւնը (LGS) այս տարի խնդրայարոյց վիճակ մը ստեղծած է փոքրամասնութեանց վարժարաններու աշակերտներուն համար։ Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած քննութեան արդիւնքին 30 յուլիսին հրապարակուիլը կը նախատեսուի, մինչ այդ այս քննութեան պարագային ծագած անարդարութիւններու բերումով կատարուած է դատական դիմում մը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պատրաստ է հանդիպիլ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ բանակցութիւններ վարելու համար:
«Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ամէն տեսակ զօրակցութիւն ոմանց նախանձը կը գրգռէ»:
Հայաստանի մէջ գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ Յեղափոխութեան եւ իշխանափոխութեան յաջորդած մթնոլորտին մէջ նախորդ տարիներու վիճելի խնդիրներուն շուրջ վերստին կը բացուին հարցաքննութեան թղթածրարները։ Երէկ, 1 մարտ 2008 թուականի արիւնալի դէպքերուն կապակցութեամբ ցուցմունքներ տալու համար դատարան հրաւիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան։