ՀՐԱՏԱՊ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Ռուսաստանի ռազմաօդային զօրքերը երէկ ռմբակոծեցին Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքը. Սուրիոյ բանակին կողմէ ալ թնդանօթներ կ՚արձակուին :
Չավուշօղլու-Փոմփէօ հեռախօսազրոյց, Անգարա կը հիւրընկալէ Մաասը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրի վերահասու դարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի շուրջ թրքական կողմի մօտեցումներուն:
ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկէր հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ:
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմաննիւէլ Մաքրոն 31 օգոստոսին ընդունեց Փարիզի մօտ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Էլիզէի պալատին մէջ կայացած տեսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Երեւանի մէջ յաջորդ ամիս տեղի ունենալիք Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Խրղըզիստանի մէջ մասնակցութիւն բերաւ Թրքական խորհուրդի 6-րդ գագաթաժողովին:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Թարօ Քոնօ երէկ քննարկեցին միջազգային օրակարգի հարցերը:
Կառավարութիւնը մտադիր չէ IMF-ին դիմելու եւ ուղղակի շփման մէջ կ՚անցնի օտար ներդրողներու հետ:
Եւրոմիութեան պաշտպանութեան ու արտաքին յարաբերութիւններու գծով յանձնակատար, Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարեց, որ միջազգային յարաբերութիւններու համակարգը կ՚ապրի քաոսի ժամանակաշրջան։
Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական առումով կարեւոր հանդիպում մը։ Այսպէս, Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը հիւրընկալեց Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տ.Տ. Քիրիլ Ա. Պատրիարքը։ Ռուսաց պատրիարքին ուղեկցեցան Մետրապոլիտ Իլարիոն եւ այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներ։